2016-10-30 10:21:00

Մատրիտի մէջ միջկրօնական աղօթք` խաղաղութեան համար


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 30 հոկտեմբերի Երեկոյեան ժամը 18ին, Մատրիտի Սուրբ Փրանկիսկոս Եկեղեցւոյ մէջ, միջկրօնական աղօթք պիտի կատարուի խաղաղութեան համար։ Ձեռնարկի տիտղոսն է «Խաղաղութիւնը Աստուծոյ անունն է». ան կազմակերպուած է Փրանկիսկեան Միաբանութեան Ընտանիքի եւ Սան Էճիտիոյի Հասարակութեան կողմէ։ Ելոյթ պիտի ունենան Մատրիտի արքեպիսկոպոսը՝ Քարլոս Օսորօ Սիերրա, քաղաքի գլխաւոր իմամ՝ Ռիայ Թաթարի, եբրայական համայնքի գլխաւոր րաբբունի՝ Մոշէ Պենտահան, Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութեան Սպանիոյ եւ Փորթուկալի մետրապոլիտ՝ Գերապայծառ Փոլիքարփօ, եւ Սպանիոյ Աւետարանական Եկեղեցւոյ պատուելի՝ Ալֆրետօ Ապատ։ Ձեռնարկի փակումին պիտի հաստատուի տարւոյս Սեպտեմբերի 20ին, Ասսիզի քաղաքի մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապի ներկայութեան ստորագրուած խաղաղութեան կոչը։








All the contents on this site are copyrighted ©.